Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի գարնանային երկրորդ բաժինին պատրաստուող Արարատ-Արմենիա 2-19 փետրուարին ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հաւաքին ընթացքին նախատեսուած են ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ:
Մրցակիցներու եւ մրցումներու ժամանակացոյցին մասին պիտի յայտարարուի աւելի ուշ:
Նշենք, որ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Արարատ-Արմենիա 43 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը` 4 կէտով ետ մնալով յառաջատար Ուրարտուէն: