Նախորդ շաբաթավերջին, Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցաւ տղոց հենտպոլի աշխարհի 28-րդ ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Դանիա եւ Ֆրանսա:
Արձանագրելով 34-29 արդիւնքով յաղթանակ մը, Դանիա հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:
Դանիա, որ յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տղոց տիտղոսին (նախապէս` 2019-ին եւ 2021-ին), այսպիսով հանդիսացաւ հենտպոլի աշխարհի ախոյեանութեան առաջին խումբը, որ յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով կը դառնայ տիտղոսակիր:
Նշենք սակայն, որ Ֆրանսայի տղոց կազմը աշխարհի ախոյեան հանդիսացած է վեց անգամ (մրցանիշ):