Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես եւ Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթա կը շարունակեն իրենց աշխատանքը Եւրոպայի «Սուփըր Լիկա»-ի ստեղծման ուղղութեամբ:
Երկու ակումբներուն նախագահները արդէն իսկ բանակցած են 12 երկիրներու ֆութպոլի 50 ակումբներու հետ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական հանրածանօթ «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը:
«Սուփըր Լիկա»-ի ստեղծման նախաձեռնութիւնը վստահուած է` «ԷՅ. 22 Սփորթց Մենեճմընթ» ընկերութեան:
Եւրոպայի զօրաւորագոյն ակումբներէն բացի, Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա, «Սուփըր Լիկա»-ին մէջ կ՛ուզեն տեսնել նաեւ Նետերլանտներու, Փորթուգալի, Պելճիքայի, Դանիոյ եւ Սկովտիոյ ամէնէն շատ տիտղոսակիր եւ հարուստ պատմութիւն ունեցող ակումբները:
Նշենք, որ «Սուփըր Լիկա»-ի հիմնադիրներէն Ռէալ Մատրիտ, Պարսելոնա եւ Եուվենթուս չենթարկուեցան «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պահանջներուն եւ չհրաժարեցան մրցաշարքը կատարելու գաղափարէն:
Վերոնշեալ ակումբներէն բացի, «Սուփըր Լիկա»-ի ստեղծման նախաձեռնութեան միացած էին նաեւ Աթլեթիքօ Մատրիտ, Ինթեր Միլան, Ա. Սէ. Միլան, Մանչեսթըր Սիթի, Մանչեսթըր Եունայթըտ, Լիվըրփուլ, Չելսի, Արսենալ եւ Թոթեհամ:
Սակայն, վերոնշեալ 9 ակումբները «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի, «ՖԻՖԱ»-ի, ազգային լիկաներու եւ ֆետերասիոններու ճնշումներուն պատճառով հրաժարեցան այս գաղափարէն: