Սէուտական Արաբիոյ Նասըր ֆութպոլի խումբը մտադիր է իր կազմին միացնել Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչը, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ Նասըր 37 տարեկան ֆութպոլիստին պիտի առաջարկէ 2,5 տարուան պայմանագրութիւն մը, տարեկան 40 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:
Եթէ պատահի, որ Նասըր այս ամսուան ընթացքին չկարենայ ձեռք ձգել Մոտրիչը, ապա յառաջիկայ ամրան ընթացքին անիկա պիտի փորձէ անվճար իր կազմին միացնել ֆութպոլիստը, որուն պայմանագրութիւնը` արքայական ակումբին հետ կ՛աւարտի այս տարեշրջանին վերջը:
Սպանիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան, Մոտրիչ ցարդ 16 մրցումի ընթացքին նշանակած է 3 կոլ եւ կատարած 2 էսիսթ: