Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻԱ) հրապարակեց 2023 տարեշրջանի «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն յայտագիրը, որ կ՛ընդգրկէ 23 կրան փրի:
Նոր տարեշրջանին մեկնարկը կը տրուի յառաջիկայ 5 մարտին Պահրէյնի կրան փրիյով, եւ անիկա իր աւարտին կը հասնի Ապու Տապիի մէջ` 26 նոյեմբերին:
Նշենք, որ Չինաստանի մէջ 16 ապրիլին նախատեսուած կրան փրին դուրս դրուեցաւ 2023-ի յայտագիրէն` երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրին հետ կապուած իրավիճակին պատճառով:
«Ֆորմիւլա-1»-ի աւարտած տարեշրջանին, յաջորդաբար երկրորդ անգամ ըլլալով աշխարհի ախոյեան հանդիսացաւ աւստրիական «Ռետ-Պուլ»-ի նետըրլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափեն: