Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի պիտի ստորագրեն նոր պայմանագրութիւն մը:
Ոչ պաշտօնական տուեալներով, կողմերը իրարու հետ իրենց պայմանագրութեան ժամկէտը պիտի երկարաձգեն նուազագոյնը երկու տարիով, որուն զուգահեռ 35 տարեկան ֆութպոլիստին աշխատավարձն ալ պիտի բարձրանայ:
Նշուեցաւ, որ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետը, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակելու գծով աւելի լաւ առաջարկ մը չէ ստացած այլ ակումբէ:
Մեսսի, որ օգոստոս 2021-էն ի վեր մաս կը կազմէ փարիզեան կազմին, մինչեւ 30 յունիս պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր անոր հետ:
Ընթացիկ տարեշրջանին Մեսսի իր կազմին հետ ցարդ կատարած 21 մրցումին ընթացքին նշանակած է 13 կոլ եւ կատարած 14 էսիսթ: