Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ թրքական Պելեք քաղաքին մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ, կատարեց ֆութպոլի իր բարեկամական երկրորդ մրցումը, այս անգամ մրցելով ռուսական բանակային մարզական ակումբ-Խապարովսք խումբին դէմ, որ մաս կը կազմէ Ա. դասակարգին:
Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Երեւանեան կազմին հետ իրենց առաջին կոլը նշանակեցին նորեկներ` Ժոնել Տեզիրէ եւ Ճէյմս Սանթոս:
Իսկ ռուսական կազմին կոլերէն մէկը նշանակեց, Հայաստանի հաւաքականի միջնապահ Իշխան Գելոյեան` փենալթիով:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, Փիւնիկ 3-1 արդիւնքով պարտուած էր ուքրանական Տնիփրօ-1 խումբէն:
Կ՛ակնկալուի, որ հայրենի կազմը բարեկամական հինգ մրցում եւս կատարէ: