Ուքրանիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար, ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Վատիմ Կութզայթ մեկնաբանեց Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի` ռուս եւ պիելոռուս մարզիկներուն, Փարիզ-2024-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցութեան հարցով քննարկում ծաւալելու որոշումը:
«Մենք կը դիմենք եւ պիտի դիմենք միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք կրնան ազդել իրավիճակին եւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամներու կարծիքին վրայ:
Մեր դիրքորոշումը անփոփոխ է. ռուս եւ պիելոռուս մարզիկները պէտք չէ մասնակցին միջազգային մրցումներու:
Եթէ պատահի, որ մեզ լսող չըլլայ, ուրեմն պոյքոթի պիտի ենթարկենք այդ խաղերը եւ պիտի հրաժարինք մասնակցիլ ողիմպիականին», ըսաւ ան: