Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ Լուիս տը լա Ֆուենթէ շատ հաւանաբար իր կազմին միացնէ փորձառու յետսապահ Սերճիօ Ռամոսը:
Կը կարծուի, որ ան մօտալուտ հանդիպում մը ունենայ Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող Ռամոսի հետ, քննարկելու համար անոր հաւանական վերադարձը Սպանիոյ հաւաքական:
Նշենք, որ 36 տարեկան Ռամոս թէեւ բացակայեցաւ «ԵՒՐՕ-2020»-էն եւ 2022-ի Մոնտիալէն, սակայն ֆութպոլիստի իր միջազգային ասպարէզը աւարտելու մասին ոչինչ ըսաւ: