Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին երկու մրցումներ:
Առաջինին, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, Անդրանիկ Պէյրութ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) կը հիւրընկալէ «ԷՆ. ԷՍ. ԷՅ.»-ը, մինչ երկրորդին, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Սլէյմանի անուան համալիրին մէջ, Պիպլոս` Աթլասը, երեկոյեան ժամը 19:30-ին:
9-րդ դիրքին վրայ գտնուող Անդրանիկ ցարդ արձանագրած է 4 յաղթանակ եւ կրած 10 պարտութիւն, մինչ «ԷՆ. ԷՍ. ԷՅ.» (8-րդ)` 5 յաղթանակ եւ 9 պարտութիւն:
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ մրցումին, Պիպլոս (12-րդ) արձանագրած է յաղթանակ մը միայն եւ կրած 13 պարտութիւն, իսկ Աթլաս (11-րդ)` 4 յաղթանակ եւ կրած 10 պարտութիւն: