Այսօր` Լիտըրզ–Հուփս Մրցումը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան երկու մրցումներ:
Միշել Սլէյմանի անուան համալիրին մէջ (Ժիպէյլ), ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքին վրայ գտնուող Պիպլոս, որ հիւրընկալեց Աթլասը, արձանագրեց` տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը` 95-83 արդիւնքով (18-22, 31-15, 23-26 եւ 23-20):
Ինչպէս նկատելի է, Պիպլոսի համար մրցումին անկիւնադարձային բաժինը եղաւ երկրորդ քորթըրը, ուր ան իր մրցակիցին նշանակած կէտերուն կրկնապատիկը նշանակեց:
Յաղթական կազմէն Ֆիլիփ Ռենքին տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (28 կէտ, 14 ռիպաունտ), իսկ Աթլասէն` Մէյսըն Հերըլ (16 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Նշենք, որ Պիպլոս տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը արձանագրած էր նախորդ 26 նոյեմբերին (8-րդ հանգրուան)` Լիտըրզի դէմ (90-75):
Այլ մրցումի մը, Անդրանիկ Պէյրութ, որ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) հիւրընկալեց «ԷՆ. ԷՍ. ԷՅ.»-ը, անոր դէմ արձանագրեց 82-74 արդիւնքով յաղթանակ մը (14-19, 20-12, 18-19 եւ 30-24):
Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ուեսթլի Հինթըն (18 կէտ, 10 ռիպաունտ), իսկ հիւր կազմէն` Միլքօ Պժելիքա (23 կէտ, 12 ռիպաունտ):
Այս հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 30 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, Լիտըրզ կը հիւրընկալէ Հուփսը: