Մարզական

Պրայընթի Մարզաշապիկը Ծախուեցաւ  5,85 Միլիոն Ամերիկեան Տոլարի

Պրայընթի Մարզաշապիկը Ծախուեցաւ 5,85 Միլիոն Ամերիկեան Տոլարի

Լոս Անճելըս Լէյքըրզի մահացած ամերիկացի անուանի պասքեթպոլիստ Քոպի Պրայընթի մարզաշապիկը «Սոթըպայ՛ս» աճուրդին ընթացքին ծախուեցաւ 5,85 միլիոն ամերիկեան տոլարի, այս մասին յայտնեց ամերիկեան «Ի. ԷՍ. ՓԻ. ԷՆ.»-ը: Պրայընթ այդ շապիկը հագած էր 7 մայիս 2008-ին, «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ամէնէն արժէքաւոր մարզիկի («ԷՄ. ՎԻ. ՓԻ.») մրցանակը ստանալու պահուն: 2007-2008 տարեշրջանին իր կատարած 82 մրցումներէն 25-ը ան դաշտ ներկայացած էր նոյն...

Պրազիլի Ֆութպոլի Երիտասարդական  Հաւաքականը` Հարաւային  Ամերիկայի Տիտղոսակիր

Պրազիլի Ֆութպոլի Երիտասարդական Հաւաքականը` Հարաւային Ամերիկայի Տիտղոսակիր

Նախորդ շաբաթավերջին Պոկոթայի մէջ (Քոլոմպիա) տեղի ունեցաւ Հարաւային Ամերիկայի երիտասարդական (20 տարեկանէն վար) ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Պրազիլ եւ Ուրուկուէյ: Արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, Պրազիլի կազմը հանդիսացաւ մրցաշարքի տիտղոսակիրը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Անտրէ Սանթոս (84-րդ) եւ Փետրինիօ (90+2-րդ):  

Սաութհեմփթըն Պաշտօնանկ  Ըրաւ Իր Մարզիչը

Սաութհեմփթըն Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ ձախող արդիւնքներ արձանագրող Սաութհեմփթըն նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` Նէյթըն Ճոնզը: Անոր նման իրենց պաշտօնները կորսնցուցին նաեւ մարզիչներ Քրիս Քոհեն եւ Էլըն Շիհան: Նշուեցաւ, որ 18 փետրուարին Չելսիի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին Ռուպեն Սելես պիտի գլխաւորէ կազմը: Այս տարեշրջանին Սաութհեմփթըն այսպիսով երկրորդ անգամ ըլլալով պաշտօնանկ կ՛ընէ իր մարզիչը: 49 տարեկան Ճոնզէն առաջ...

Էմպափէ Կը Փափաքի  Տեղափոխուիլ Ռէալ Մատրիտ

Էմպափէ Կը Փափաքի Տեղափոխուիլ Ռէալ Մատրիտ

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի 24 տարեկան յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ կը փափաքի տեղափոխուիլ Ռէալ Մատրիտ: Ֆութպոլիստը կարելիութիւնը ունի 2024-ի ամրան անվճար հեռանալ փարիզեան ակումբէն, եթէ պատահի, որ մայրաքաղաքի կազմը մէկ տարիով չերկարաձգէ անոր գործող պայմանագրութիւնը: Նշուեցաւ, որ արքայական ակումբը բաւական մօտէն կը հետաքրքրուի այս զարգացումներով եւ պատրաստ է առիթէն օգտուելով ձեռք ձգել 24 տարեկան ֆութպոլիստին...

Սոն Հուենկ Մին` Ասիոյ 2022 Տարուան  Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Սոն Հուենկ Մին` Ասիոյ 2022 Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Լոնտոնեան Թոթենհամին մաս կազմող յառաջապահ Սոն Հուենկ Մին ճանչցուեցաւ Ասիոյ 2022 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ազգային խումբի 30 տարեկան յառաջապահը քուէարկութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ ստացաւ 256 կէտ եւ յաջորդաբար վեցերորդ տարին ըլլալով ընտրուեցաւ լաւագոյնը: Նշենք, որ այսպիսով ան ընդամէնը 8-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցանակին:  

Անգլիական Ակումբներ  Հետաքրքրուած` Անսու Ֆաթիով

Անգլիական Ակումբներ Հետաքրքրուած` Անսու Ֆաթիով

Միջազգային մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ անգլիական երեք ակումբներ` Մանչեսթըր Եունայթըտ, Լիվըրփուլ եւ Արսենալ, բաւական մօտէն հետաքրքրուած են քաթալոնական Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Անսու Ֆաթիով: Նշուեցաւ, որ վերոնշեալ ակումբները արդէն իսկ բանակցութիւն կը կատարեն 20 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման գործերով զբաղող անձին հետ եւ կը քննարկեն անոր փոխանցման մանրամասնութիւնները, այդ մէկը կատարելու համար յառաջիկայ ամրան ընթացքին: Սակայն Պարսելոնա...

Մեսսի Իր Մասնակցութիւնը Պիտի Բերէ  Պայէրն Միւնիխի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

Մեսսի Իր Մասնակցութիւնը Պիտի Բերէ Պայէրն Միւնիխի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող արժանթինցի 35 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Պայէրն Միւնիխի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումին, այս մասին յայտնեց մայրաքաղաքի կազմին մարզիչը` Քրիսթոֆ Կալթիէ: Նշենք, որ արժանթինցին ազդրի մկանային վնասուածք ստացաւ Մարսէյի դէմ տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուած մրցումին. մրցումը աւարտեցաւ անոր կազմին...

Ռէալ Մատրիտ Հրաժարեցաւ  Ծախել Վինիսիուսը

Ռէալ Մատրիտ Հրաժարեցաւ Ծախել Վինիսիուսը

Սպանական մարզական մամուլը հաղորդեց, որ Ռէալ Մատրիտ հրաժարեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենին ծախել իր պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ժունիորը: Նշուեցաւ, որ ֆրանսական ակումբը անոր փոխանցման համար առաջարկեց 135 միլիոն եւրօ, սակայն արքայական ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես բանակցութիւններու չէ սկսած` մերժելով առաջարկը: 22 տարեկան ֆութպոլիստը, որ սպանական կազմին հետ ելոյթ կ՛ունենայ 2018-էն ի վեր, մինչեւ յունիս 2024 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է: Ան ցարդ...

Հիւկօ Լիորիս Շուրջ Երկու Ամիսով  Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Հիւկօ Լիորիս Շուրջ Երկու Ամիսով Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, լոնտոնեան Թոթենհամին մաս կազմող ֆրանսացի բերդապահ Հիւկօ Լիորիս 6-8 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Նշուեցաւ, որ խմբապետ Լիորիս ծունկի վնասուածք ստացաւ նախորդ 5 փետրուարին, Մանչեսթըր Սիթիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր Լիկ»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումին: Անգլիական ակումբին համաձայն, ֆութպոլիստը վիրաբուժութեան կարիքը չունի, այլ պարզապէս հանգիստի, որպէսզի կարենայ վերականգնիլ իր ստացած վնասուածքէն:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 88-56

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 88-56

Տինամօ-Ռիատի Պէյրութ` 87-79 Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հուփս, որ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Պէյրութը, արձանագրեց 88-56 արդիւնքով յաղթանակ մը (22-15, 24-15, 21-12 եւ 21-14): Նախքան մրցումը սկսիլը, Հուփս արձանագրած էր  յաղթանակ եւ կրած 10 պարտութիւն, մինչ ՀՄԸՄ` 3 յաղթանակ եւ կրած 12 պարտութիւն: Հուփսէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեցին Ժուլիըն Սքոթ Ուիլիըմս (18 կէտ, 10...

Ճատրակ.  Մարիա Գէորգեան Պիտի Չմասնակցի Եւրոպայի  Անհատական Ախոյեանութեան

Ճատրակ. Մարիա Գէորգեան Պիտի Չմասնակցի Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութեան

Հայաստանի 2023 տարուան աղջկանց ճատրակի ախոյեան Մարիա Գէորգեան յայտնեց, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան` անձնական պատճառներով: Եւրոպայի աղջկանց 23-րդ անհատական ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 18-29 մարտին, Մոնթենեկրոյի Փեթրովաց քաղաքին մէջ: Նշենք, որ նախորդ յունուարին Մարիա Գէորգեան հինգերորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան` առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 7 կէտ: Հայաստանէն Եւրոպայի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան մասնակցելու համար...

Երեւանի Մէջ Կատարուեցաւ Ալպերթ Ազարեանի Կիսանդրիի Բացումը

Ալպերթ Ազարեան Տօնեց Իր Ծննդեան 94-րդ Տարեդարձը

Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնը շնորհաւորեց ողիմպիական խաղերու եռակի, աշխարհի քառակի եւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Ալպերթ Ազարեանը, որ շաբաթ, 11 փետրուարին տօնեց իր ծննդեան 94-րդ տարեդարձը: «Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնը իր ամբողջ անձնակազմով, կը շնորհաւորէ ձեր ծննդեան տարեդարձը, կը մաղթէ առողջութիւն եւ երկար կեանք», նշուեցաւ ֆետերասիոնին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Յիշեցնենք, որ 1 դեկտեմբեր 2022-ին, Երեւանի Ալպերթ Ազարեանի անուան մարզադպրոցի բակին մէջ, բացումը կատարուեցաւ...

Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը Պիտի Մրցի  Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Դէմ

Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Պիտի Մրցի Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Դէմ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը բարեկամական մրցումի մը ընթացքին պիտի մրցի Հիւսիսային Մակեդոնիոյ իր հասակակիցներուն դէմ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 16 յունիսին, մրցակիցի դաշտին վրայ: Նշենք, որ Ռաֆայէլ Նազարեանի գլխաւորած կազմը, Եւրոպայի 2025-ի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով մաս կը կազմէ Ե. խմբակին` իրեն մրցակից ունենալով Ռումանիան,...

Ճատրակ. «Էրթինկզ Մասթըրզ Տիվիժըն 3»-ի  Միջազգային Մրցաշարք.  Սամուէլ Սեւեան Տիրացաւ Տիտղոսին

Ճատրակ. «Էրթինկզ Մասթըրզ Տիվիժըն 3»-ի Միջազգային Մրցաշարք. Սամուէլ Սեւեան Տիրացաւ Տիտղոսին

Ամերիկահայ կրանտմասթըր Սամուէլ Սեւեանի յաղթանակով, նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ «Էրթինկզ Մասթըրզ Տիվիժըն 3»-ի ճատրակի միջազգային առցանց մրցաշարքը: Աւարտական մրցումին, Սեւեան իր յաղթանակը արձանագրեց հնդիկ կրանտմասթըր Ռամեշպապու Փրակնանանտհայի դէմ: Կիսաւարտականին Սեւեան յաղթած էր ուքրանացի Ալեքսանտր Պորթնիքին:    

Աշխարհի Ֆութպոլի Ակումբներու  Ախոյեանութիւն.  Ռէալ Մատրիտ 5-րդ Անգամ Ըլլալով  Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Աշխարհի Ֆութպոլի Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Ռէալ Մատրիտ 5-րդ Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Նախորդ շաբաթավերջին Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթի մէջ իր աւարտին հասաւ աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան երրորդ դիրքի եւ աւարտական մրցումները: Աւարտական մրցումին, Սպանիոյ ախոյեան Ռէալ Մատրիտ, որ մրցեցաւ Սէուտական Արաբիան ներկայացնող Հիլալի դէմ, արձանագրելով 5-3 արդիւնքով յաղթանակ մը, հինգերորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս տիտղոսին: Արքայական ակումբին կոլերը նշանակեցին պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ժունիոր (13-րդ եւ 69-րդ), ուրուկուէյցի յառաջապահ Ֆետերիքօ Վալվերտէ...

«Լիկ-1».  Փարիզ Սեն Ժերմեն-Մարսէյ Կէտերու  Տարբերութիւնը Նուազեցաւ Հինգի

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն-Մարսէյ Կէտերու Տարբերութիւնը Նուազեցաւ Հինգի

Օգտուելով երկրին գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի կրած պարտութենէն` Մոնաքոյէն, 3-1 արդիւնքով, Մարսէյ յաջողեցաւ իր եւ փարիզեան կազմին միջեւ եղող կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնել հինգի, 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Քլերմոն Ֆութի դաշտէն: Մարսէյի երկու կոլերը նշանակեց չիլիցի յառաջապահ Ալեքսիս Սանչեզ (44-րդ` փենալթիով եւ 81-րդ): Ինչ կը վերաբերի Մոնաքոյի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, հիւրընկալ կազմին կոլերը նշանակեցին ռուս Ալեքսանտր Կոլովին (4-րդ)...

Հոֆընհայմ Ունեցաւ  Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Հոֆընհայմ Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Հոֆընհայմ ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Շթութկարթի նախկին գլխաւոր մարզիչ Փելլեկրինօ Մաթարացօ նշանակուեցաւ խումբի գլխաւոր մարզիչ` փոխարինելով Անտրէ Պրայթընռայթըրը, որ քանի մը օր առաջ կորսնցուց իր պաշտօնը: 45 տարեկան ամերիկացի Մաթարացօ նախապէս եղած է Հոֆընհայմի Բ. խումբի մարզիչը (2017-2018), իսկ տարի մը ետք` գլխաւոր մարզիչի օգնականը: Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Հոֆընհայմ կը գրաւէ...

Չելսի Երկարաձգեց Թիակօ Սիլվայի  Պայմանագրութիւնը

Չելսի Երկարաձգեց Թիակօ Սիլվայի Պայմանագրութիւնը

Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի խումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը երկարաձգեց պրազիլցի յետսապահ Թիակօ Սիլվայի պայմանագրութիւնը: Այսպիսով, 38 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանի աւարտը, յայտնեց անոր ակումբը: Սիլվա, որ Չելսիի հետ ելոյթ կ՛ունենայ 2020-էն ի վեր, ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 107 մրցումի, նշանակած 5 կոլ եւ կատարած նոյնքան էսիսթ: Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի...

Նասըր Յաղթեց, Ռոնալտօ  Նշանակեց 4 Կոլ

Նասըր Յաղթեց, Ռոնալտօ Նշանակեց 4 Կոլ

Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Նասըր, որ հիւրը եղաւ Ուահտէին, արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին չորս կոլերն ալ նշանակեց 38 տարեկան փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (21-րդ, 40-րդ, 53-րդ` փենալթիով եւ 61-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Նասըր այժմ 37 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` իր ունեցած կոլ-էվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Շապապը,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Տինամօ-Ռիատի  Պէյրութ Տաք Ճակատում

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Տինամօ-Ռիատի Պէյրութ Տաք Ճակատում

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 11 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 21:14-ին տեղի կ՛ունենայ բաւական զօրաւոր եւ տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին «Ռոքլենտ Արենա»-ի իր մարզադաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան) Տինամօ կը հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը: Նշենք, որ այս հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ այլ մրցում մըն ալ, որուն ընթացքին Պէյրութ հիւրը կ՛ըլլայ...

Page 321 of 1280 1 … 320 321 322 … 1,280

Արխիւներ