Լոնտոնեան Թոթենհամին մաս կազմող յառաջապահ Սոն Հուենկ Մին ճանչցուեցաւ Ասիոյ 2022 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ազգային խումբի 30 տարեկան յառաջապահը քուէարկութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ ստացաւ 256 կէտ եւ յաջորդաբար վեցերորդ տարին ըլլալով ընտրուեցաւ լաւագոյնը:
Նշենք, որ այսպիսով ան ընդամէնը 8-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցանակին:


