Նախորդ շաբաթավերջին Պոկոթայի մէջ (Քոլոմպիա) տեղի ունեցաւ Հարաւային Ամերիկայի երիտասարդական (20 տարեկանէն վար) ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Պրազիլ եւ Ուրուկուէյ:
Արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, Պրազիլի կազմը հանդիսացաւ մրցաշարքի տիտղոսակիրը:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Անտրէ Սանթոս (84-րդ) եւ Փետրինիօ (90+2-րդ):


