Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի խումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը երկարաձգեց պրազիլցի յետսապահ Թիակօ Սիլվայի պայմանագրութիւնը:
Այսպիսով, 38 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանի աւարտը, յայտնեց անոր ակումբը:
Սիլվա, որ Չելսիի հետ ելոյթ կ՛ունենայ 2020-էն ի վեր, ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 107 մրցումի, նշանակած 5 կոլ եւ կատարած նոյնքան էսիսթ:
Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Չելսի 31 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը:


