Լոս Անճելըս Լէյքըրզի մահացած ամերիկացի անուանի պասքեթպոլիստ Քոպի Պրայընթի մարզաշապիկը «Սոթըպայ՛ս» աճուրդին ընթացքին ծախուեցաւ 5,85 միլիոն ամերիկեան տոլարի, այս մասին յայտնեց ամերիկեան «Ի. ԷՍ. ՓԻ. ԷՆ.»-ը:
Պրայընթ այդ շապիկը հագած էր 7 մայիս 2008-ին, «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ամէնէն արժէքաւոր մարզիկի («ԷՄ. ՎԻ. ՓԻ.») մրցանակը ստանալու պահուն:
2007-2008 տարեշրջանին իր կատարած 82 մրցումներէն 25-ը ան դաշտ ներկայացած էր նոյն այդ մարզաշապիկով:
Նշենք, որ Քոպի Պրայընթ (41 տարեկան) երեք տարի առաջ մահացաւ ուղղաթիռի արկածի պատճառով:


