Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Նասըր, որ հիւրը եղաւ Ուահտէին, արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին չորս կոլերն ալ նշանակեց 38 տարեկան փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (21-րդ, 40-րդ, 53-րդ` փենալթիով եւ 61-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Նասըր այժմ 37 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` իր ունեցած կոլ-էվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Շապապը, որ մրցում մը աւելի կատարած է:


