Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող արժանթինցի 35 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Պայէրն Միւնիխի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումին, այս մասին յայտնեց մայրաքաղաքի կազմին մարզիչը` Քրիսթոֆ Կալթիէ:
Նշենք, որ արժանթինցին ազդրի մկանային վնասուածք ստացաւ Մարսէյի դէմ տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուած մրցումին. մրցումը աւարտեցաւ անոր կազմին պարտութեամբ` 2-1 արդիւնքով:
Պայէրն Միւնիխի դէմ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 14 փետրուարին եւ պիտի սկսի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:


