Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, լոնտոնեան Թոթենհամին մաս կազմող ֆրանսացի բերդապահ Հիւկօ Լիորիս 6-8 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Նշուեցաւ, որ խմբապետ Լիորիս ծունկի վնասուածք ստացաւ նախորդ 5 փետրուարին, Մանչեսթըր Սիթիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր Լիկ»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումին:
Անգլիական ակումբին համաձայն, ֆութպոլիստը վիրաբուժութեան կարիքը չունի, այլ պարզապէս հանգիստի, որպէսզի կարենայ վերականգնիլ իր ստացած վնասուածքէն:


