«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Հոֆընհայմ ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Շթութկարթի նախկին գլխաւոր մարզիչ Փելլեկրինօ Մաթարացօ նշանակուեցաւ խումբի գլխաւոր մարզիչ` փոխարինելով Անտրէ Պրայթընռայթըրը, որ քանի մը օր առաջ կորսնցուց իր պաշտօնը:
45 տարեկան ամերիկացի Մաթարացօ նախապէս եղած է Հոֆընհայմի Բ. խումբի մարզիչը (2017-2018), իսկ տարի մը ետք` գլխաւոր մարզիչի օգնականը:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Հոֆընհայմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 14-րդ դիրքը:


