Օգտուելով երկրին գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի կրած պարտութենէն` Մոնաքոյէն, 3-1 արդիւնքով, Մարսէյ յաջողեցաւ իր եւ փարիզեան կազմին միջեւ եղող կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնել հինգի, 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Քլերմոն Ֆութի դաշտէն:
Մարսէյի երկու կոլերը նշանակեց չիլիցի յառաջապահ Ալեքսիս Սանչեզ (44-րդ` փենալթիով եւ 81-րդ):
Ինչ կը վերաբերի Մոնաքոյի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, հիւրընկալ կազմին կոլերը նշանակեցին ռուս Ալեքսանտր Կոլովին (4-րդ) եւ ֆրանսացի Ուիսամ Պեն Ետեր (18-րդ եւ 45+2-րդ), իսկ մայրաքաղաքի կազմին միակ կոլը` ֆրանսացի Ուորըն Զայիր Էմերի (39-րդ):
Նշենք, որ այս մրցումին Սեն Ժերմենէն բացակայեցան Լիոնել Մեսսի, Քիլիան Էմպափէ, Ռենաթօ Սանչեզ եւ Մարքօ վերաթթի:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, այժմ Փարիզ Սեն Ժերմեն ունի 54 կէտ, իսկ Մարսէյ (երկրորդ)` 49 կէտ:


