Միջազգային մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ անգլիական երեք ակումբներ` Մանչեսթըր Եունայթըտ, Լիվըրփուլ եւ Արսենալ, բաւական մօտէն հետաքրքրուած են քաթալոնական Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Անսու Ֆաթիով:
Նշուեցաւ, որ վերոնշեալ ակումբները արդէն իսկ բանակցութիւն կը կատարեն 20 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման գործերով զբաղող անձին հետ եւ կը քննարկեն անոր փոխանցման մանրամասնութիւնները, այդ մէկը կատարելու համար յառաջիկայ ամրան ընթացքին:
Սակայն Պարսելոնա 20 տարեկան իր ֆութպոլիստը ծախելու գծով ցարդ յստակ դիրքորոշում մը չէ կատարած:


