Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի 24 տարեկան յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ կը փափաքի տեղափոխուիլ Ռէալ Մատրիտ:
Ֆութպոլիստը կարելիութիւնը ունի 2024-ի ամրան անվճար հեռանալ փարիզեան ակումբէն, եթէ պատահի, որ մայրաքաղաքի կազմը մէկ տարիով չերկարաձգէ անոր գործող պայմանագրութիւնը:
Նշուեցաւ, որ արքայական ակումբը բաւական մօտէն կը հետաքրքրուի այս զարգացումներով եւ պատրաստ է առիթէն օգտուելով ձեռք ձգել 24 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը:


