Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 11 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 21:14-ին տեղի կ՛ունենայ բաւական զօրաւոր եւ տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին «Ռոքլենտ Արենա»-ի իր մարզադաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան) Տինամօ կը հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը:
Նշենք, որ այս հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ այլ մրցում մըն ալ, որուն ընթացքին Պէյրութ հիւրը կ՛ըլլայ Աթլասին (ժամը 17:00-ին), իսկ վաղը` կիրակի, 12 փետրուարին, ժամը 19:30-ին, Լիտըրզ` Շանվիլին:
15-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Տինամօ 83-73 արդիւնքով յաղթելով Սաժես Պէյրութին, անկէ խլեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Տինամօ ցարդ արձանագրած է 14 յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը միայն, մինչ Սաժես Պէյրութ (2-րդ), Պէյրութ (3-րդ) եւ Ռիատի Պէյրութ (4-րդ)` 13-ական յաղթանակ եւ կրած երկուքական պարտութիւն:


