Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը բարեկամական մրցումի մը ընթացքին պիտի մրցի Հիւսիսային Մակեդոնիոյ իր հասակակիցներուն դէմ:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 16 յունիսին, մրցակիցի դաշտին վրայ:
Նշենք, որ Ռաֆայէլ Նազարեանի գլխաւորած կազմը, Եւրոպայի 2025-ի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով մաս կը կազմէ Ե. խմբակին` իրեն մրցակից ունենալով Ռումանիան, Զուիցերիան, Ֆինլանտան, Ալպանիան եւ Մոնթենեկրոն:
Զտումի մրցաշարքին գծով Հայաստանի առաջին մրցակիցը 8 սեպտեմբերին պիտի ըլլայ Ալպանիա:


