Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ ձախող արդիւնքներ արձանագրող Սաութհեմփթըն նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` Նէյթըն Ճոնզը:
Անոր նման իրենց պաշտօնները կորսնցուցին նաեւ մարզիչներ Քրիս Քոհեն եւ Էլըն Շիհան:
Նշուեցաւ, որ 18 փետրուարին Չելսիի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին Ռուպեն Սելես պիտի գլխաւորէ կազմը:
Այս տարեշրջանին Սաութհեմփթըն այսպիսով երկրորդ անգամ ըլլալով պաշտօնանկ կ՛ընէ իր մարզիչը:
49 տարեկան Ճոնզէն առաջ խումբին մարզիչն էր Ռալֆ Հասենհաթըլ:
Ընթացիկ տարեշրջանին Սաութհեմփթըն, որ Ճոնզի հետ իր կատարած 14 մրցումին ընթացքին կրեց 9 պարտութիւն, այժմ 15 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 20-րդ եւ վերջին դիրքը:


