«Լա-Լիկա». Պարսելոնա 9 Կէտի Առաւելութիւն Մը Ունեցաւ Ռէալ Մատրիտի Վրայ
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա-Լիկա») 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին փոխախոյեանը` Պարսելոնա, որ հիւրընկալեց Վալենսիան, անոր դէմ արձանագրելով 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը: Մրցումին 15-րդ վայրկեանին, քաթալոնական կազմին կոլը նշանակեց պրազիլցի յառաջապահ Ռաֆինիա, որ փոխանցում մը ստացաւ սպանացի միջնապահ Սերճիօ Պուսքեթցէն: 55-րդ վայրկեանին անոր խմբակից սպանացի յառաջապահ Ֆերան Թորես իր կազմին շնորհուած փենալթին չկրցաւ կոլի վերածել: Իսկ 59-րդ վայրկեանին...




















