Նետերլանտեան ՓՍՎ Այնտհովընին մաս կազմող 32 տարեկան յառաջապահ Լիւք տը Եոնկ նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կու գայ վերջ մը դնելու իր միջազգային ասպարէզին` Նետերլանտներու ֆութպոլի ազգային խումբին հետ:
2011-էն ի վեր իր երկրի ազգային խումբին շապիկը կրած Տը Եոնկ, 38 մրցումի ընթացքին նշանակեց 12 կոլ:
Նշենք, որ ընթացիկ տարեշրջանին ան իր ակումբին հետ ցարդ մասնակցած է 14 մրցումի, նշանակած 6 կոլ եւ կատարած 2 էսիսթ:


