Մարզական

Մարմնամարզութիւն.  Հայաստանի Տղոց Ազգային  Հաւաքականը` Տոհայի Մէջ

Մարմնամարզութիւն. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Արթուր Աւետիսեան Եւ Վահագն Դաւթեան Ապահովեցին Աւարտականին Իրենց Տոմսը

Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Արթուր Աւետիսեան եւ Վահագն Դաւթեան իրենց տպաւորիչ ելոյթներուն շնորհիւ ապահովեցին օղակներու մրցումներու աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը: Գագիկ Խաչիկեան ապահովելով 14,133 կէտ, նժոյգի մրցումներուն գրաւեց 10-րդ դիրքը, մինչ Յարութիւն Մերդինեան 21-րդ դիրքը` 13,500 կէտով: Նշենք, որ աշխարհի բաժակի մրցաշարքը վարկանշային է աշնան Պելճիքայի մէջ տեղի ունենալիք...

Ֆութսալ.  Այսօր` Հայաստան-Պոսնիա

Ֆութսալ. Այսօր` Հայաստան-Պոսնիա

Վերջին տասը օրերուն ընթացքին շարունակական փորձեր կատարած Հայաստանի տղոց ֆութսալի ազգային հաւաքականը այսօր` ուրբաթ, 3 մարտին, կը կատարէ 2024-ի ֆութսալի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի իր վերջին մրցումը, երբ կը մրցի Պոսնիոյ դէմ: Գլխաւոր մարզիչ Ռուբէն Նազարէթեանի գլխաւորած կազմը այսօրուան իր այս մրցումը պիտի կատարէ Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ: Նշենք, որ հայրենի կազմը, խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցած նախորդ երեք մրցումներուն...

ՖԻՏԷ.  Հայաստանի Երկու Ներկայացուցիչ`  Առաջին Հարիւրին Մէջ

ՖԻՏԷ. Հայաստանի Երկու Ներկայացուցիչ` Առաջին Հարիւրին Մէջ

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ի կողմէ հրապարակուած մարտ ամսուան միջազգային նոր դասաւորման մէջ, պարագլուխի դիրքը կը շարունակէ գրաւել աշխարհի գործող ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 2852 կէտ: Առաջին հարիւրին մէջ Հայաստան ունի երկու ներկայացուցիչ: Գաբրիէլ Սարգսեան կը գրաւէ 41-րդ դիրքը (2699), մինչ Հայկ Մարտիրոսեան` 41-րդ դիրքը (2686): Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Լեւոն Արոնեան 17-րդ դիրքէն բարձրացաւ 11-րդ դիրքի...

Արհեստավարժ Կռփամարտիկ Մուրատ Կասիեւ  Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստացաւ

Արհեստավարժ Կռփամարտիկ Մուրատ Կասիեւ Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստացաւ

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի եւ «ԱՅ. ՊԻ. ԷՖ.»-ի վարկածներով առաջին ծանր դասակարգի աշխարհի նախկին ախոյեան Մուրատ Կասիեւը: Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի կռփամարտի մեծերու հաւաքականի երկրորդ մարզիչ Ռոպերթ Պետրոսեան: Այսօր` ուրբաթ, 3 մարտին, Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ արհեստավարժ կռփամարտի երեկոյ...

Ֆրանսացի Ժիւսթ Ֆոնթեն Մահացաւ

Ֆրանսացի Ժիւսթ Ֆոնթեն Մահացաւ

89 տարեկան հասակին մահացաւ ֆրանսացի անուանի նախկին ֆութպոլիստ Ժիւսթ Ֆոնթեն, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը: 1958-ի Մոնտիալին անոր սահմանած մրցանիշը (13 կոլ) ցարդ կը շարունակէ մնալ անգերազանցելի: Ֆոնթեն, որ ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 21 մրցումի ընթացքին նշանակած է 30 կոլ, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է Քազապլանքայի (Մարոք), Նիսի եւ Ռեմսի: Ան եղած է նաեւ մարզիչ`...

Ժոզէ Մուրինիօ Երկու Մրցումով  Որակազրկուեցաւ

Ժոզէ Մուրինիօ Երկու Մրցումով Որակազրկուեցաւ

Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Ա. Էս. Ռոմայի գլխաւոր մարզիչ փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիօ երկու մրցումով որակազրկուեցաւ: Մուրինիօ Քրեմոնեզէի դէմ տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանի մրցումին չորրորդ իրաւարարին հետ վիճաբանած ըլլալուն համար կարմիր քարտ մը ստացաւ: Ան այս տարեշրջանին երրորդ անգամ ըլլալով կարմիր քարտ կը ստանար: Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան յառաջիկայ երկու մրցումներուն Ա. Էս. Ռոմա պիտի հիւրընկալէ...

Նիւքասըլ Մօտէն Հետաքրքրուած`  Ռաֆինիայով

Նիւքասըլ Մօտէն Հետաքրքրուած` Ռաֆինիայով

Անգլիական Նիւքասըլ Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը յառաջիկայ ամրան ընթացքին, երբ սկսին մարզիկներու փոխանցումները, ամէն աշխատանք պիտի տանի իր կազմին միացնելու Պարսելոնային մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Ռաֆինիան: Ֆութպոլիստը նախորդ ամառ Լիծ Եունայթըտէն միացած էր քաթալոնական կազմին` փոխան 75 միլիոն եւրոյի: Նշենք, որ Ռաֆինիա Չաւիի գլխաւորած կազմին մէջ շատ յաճախ նկատի կ՛առնուի իբրեւ պահեստի մարզիկ: Ընթացիկ տարեշրջանին ան Պարսելոնայի հետ ցարդ կատարած է...

Տիպալա Շատ Հաւանաբար Հեռանայ Ա. Էս. Ռոմայէն

Տիպալա Շատ Հաւանաբար Հեռանայ Ա. Էս. Ռոմայէն

Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Փաուլօ Տիպալա, շատ հաւանաբար հեռանայ իր կազմէն` Ա. Էս. Ռոմայէն: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ: Ընթացիկ տարեշրջանին 29 տարեկան Տիպալա իր խումբին հետ բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին ցարդ կատարած է 24 մրցում, նշանակած 12 կոլ եւ կատարած 7 էսիսթ:

Ֆրանսայի Ֆութպոլի  Բաժակի Մրցաշարք.  Մարսէյ Պարտուեցաւ Բ. Դասակարգի  Անըսիէն Եւ Դուրս Մնաց

Ֆրանսայի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Մարսէյ Պարտուեցաւ Բ. Դասակարգի Անըսիէն Եւ Դուրս Մնաց

Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Բ. դասակարգին մաս կազմող Անըսի ստեղծեց բաւական մեծ անակնկալ մը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Մարսէյը անոր դաշտին` «Օրանժ-Վելոտրոմ»-ի մէջ: Անըսիի արձանագրած այս յաղթանակը եղաւ պատմական` նկատի ունենալով, որ անիկա այս մրցաշարքին գծով առաջին անգամ ըլլալով հասաւ կիսաւարտական հանգրուան: Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 2-2 արդիւնքով, որմէ ետք ուղղակի, առանց երկարաձգման դիմուեցաւ փենալթիներու: Անըսի, արձանագրելով...

Ճատրակ.  Ռուսիոյ Ֆետերասիոնը Դուրս Եկաւ Եւրոպայէն  Եւ Տեղափոխուեցաւ Ասիոյ Ֆետերասիոն

Ճատրակ. Ռուսիոյ Ֆետերասիոնը Դուրս Եկաւ Եւրոպայէն Եւ Տեղափոխուեցաւ Ասիոյ Ֆետերասիոն

Պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով, Ռուսիոյ ճատրակի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Եւրոպական ճատրակի ֆետերասիոնէն տեղափոխուեցաւ Ասիոյ ճատրակի ֆետերասիոն: Անիկա այս որոշումը կայացուց 28 փետրուարին, Ասիոյ ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր համագումարին ընթացքին: Նախապէս Եւրոպայի ճատրակի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ դէմ չէ այս տեղափոխութեան, եթէ Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը ատոր արգելք չի հանդիսանար: Նշենք, որ Ռուսիոյ տղոց եւ աղջկանց ազգային խումբերը վերջին շրջանին չեն մասնակցիր միջազգային...

Թենիս.  Քարլոս Ալքարաս Վիրաւորուեցաւ

Թենիս. Քարլոս Ալքարաս Վիրաւորուեցաւ

Աշխարհի տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքը գրաւող սպանացի թենիսմեն Քարլոս Ալքարաս, որ վիրաւորուեցաւ, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Աքափուլքոյի թենիսի միջազգային մրցաշարքին: Անոր ստացած վէրքին տարողութիւնը այդքան ալ մեծ չէ, եւ շատ հաւանաբար ան յառաջիկայ շաբաթ վերադառնայ թենիսի դաշտերը: Նշենք, որ 19 տարեկան Ալքարաս նախորդ փետրուարին տիրացած էր Պուենոս Այրեսի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին, մինչ Ռիոյի մրցաշարքին հասած էր աւարտականին:

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք.  Վրաստան Առաջին Անգամ Ըլլալով  Կը Մասնակցի Ախոյեանութեան

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Վրաստան Առաջին Անգամ Ըլլալով Կը Մասնակցի Ախոյեանութեան

Աշխարհի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան ախոյեանութեան մասնակցող բոլոր խումբերուն անունները: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 25 օգոստոսէն 10 սեպտեմբեր, Ճափոնի, Ինտոնեզիոյ եւ Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ: Առաջին անգամ ըլլալով մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Վրաստան: 32 երկիրներու ազգային խումբերէն 12-ը կը ներկայացնեն Եւրոպան, 8-ը` Ասիան, 7-ը` Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկան, իսկ 5-ը` Ափրիկէն: Ստորեւ` մասնակցող երկիրներուն ցանկը....

Ճատրակ.  Կարէն Գրիգորեան Տիտղոսակիր`  Մալակայի Մէջ

Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան Տիտղոսակիր` Մալակայի Մէջ

Սպանական Մալակա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած արագ ճատրակի «Պենալմատենա չես Ֆեսթիվալ-Ռափիտ» միջազգային մրցաշարքը աւարտեցաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Գրիգորեանի յաղթանակով: Հայրենի կրանտմասթըրը առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով լրացուցիչ ցուցանիշով գրաւեց առաջին դիրքը: Նոյնքան կէտ ապահովեց նաեւ պուլկարացի Իվան Չեպարինով: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 82 ճատրակ խաղացողներ:  

Ճատրակ.  Հայաստանի 13 Խաղացող Կը Մասնակցի  Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութեան

Ճատրակ. Հայաստանի 13 Խաղացող Կը Մասնակցի Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութեան

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 2-14 մարտին Սերպիոյ Վրնժաքա Պանիա քաղաքին մէջ կատարուելիք Եւրոպայի տղոց անհատական ախոյեանութեան Հայաստան պիտի մասնակցի 13 ներկայացուցիչով: Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 40 երկիրներէ 499 ճատրակ խաղացողներ: Ախոյեանութեան վարկանշային առաջին համարը Գաբրիէլ Սարգսեանն է, իսկ երկրորդը` Հայկ Մարտիրոսեան: Ստորեւ` Հայաստանի ներկայացուցիչները. Գաբրիէլ Սարգսեան` 2699, Հայկ Մարտիրոսեան` 2686, Մանուէլ Պետրոսեան` 2634, Շանթ Սարգսեան` 2630,...

Ըմբշամարտ.  Հայաստանի Հաւաքականը Կը Մասնակցի  Տան Քոլովի Եւ Նիքոլա Փեթրովի  Յուշամրցաշարքին

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը Կը Մասնակցի Տան Քոլովի Եւ Նիքոլա Փեթրովի Յուշամրցաշարքին

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունենալիք Տան Քոլովի եւ Նիքոլա Փեթրովի անուան յուշամրցաշարքին, որ պիտի սկսի այսօր` հինգշաբթի, 2 մարտին եւ պիտի աւարտի կիրակի, 5 մարտին: Խումբի մարզիչ Արմէն Բաբալարեանի գլխաւորութեամբ Պուլկարիա մեկնեցան հետեւեալ ըմբիշները. Ռուդիկ Մկրտչեան (55 քկ), Հրաչեայ Պօղոսեան (63 քկ), Սլաւիկ Գալստեան (67...

Մեսսի` ՖԻՖԱ-ի «Տը Պեսթ»-ի  Մրցանակակիր

Մեսսի` ՖԻՖԱ-ի «Տը Պեսթ»-ի Մրցանակակիր

ՖԻՖԱ-ի վարկածով 2022-ի աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչման արժանացած Լիոնել Մեսսի, իբրեւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ մասնակցեցաւ ՖԻՖԱ-ի «Տը Պեսթ»-ի քուէարկութեան: Ազգային խումբերու գլխաւոր մարզիչներուն, խմբապետներուն եւ ամէն մէկ երկրէ մէկական լրագրողի արդիւնքներուն լոյսին տակ, Մեսսի ստանալով 52 կէտ գրաւեց առաջին դիրքը եւ 8 կէտով գերազանցեց երկրորդ դիրքը գրաւած Քիլիան Էմպափէին: Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա (34...

Նոել Լը Կրայէ Ներկայացուց  Իր Հրաժարականը

Նոել Լը Կրայէ Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Նոել լը Կրայէ պաշտօնապէս ներկայացուց իր հրաժարականը, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը: 81 տարեկան նախագահը իր հրաժարականը ներկայացուց ֆետերասիոնի արտակարգ ժողովին ընթացքին: Ֆետերասիոնին գործադիր յանձնախումբը ընդունեց անոր հրաժարականը: Լը Կրայէ, որ իր պաշտօնը կը վարէ 2011-էն ի վեր, այս տարեսկիզբին խիստ քննադատութեան արժանացաւ` Զինետտին Զիտանի հասցէին իր կատարած յայտարարութեան համար: Ատկէ բացի, ֆետերասիոնին նախկին աշխատակիցները...

Փիքֆորտ Իր Պայմանագրութիւնը  Երկարաձգեց Էվըրթընի Հետ

Փիքֆորտ Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Էվըրթընի Հետ

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Ճորտըն Փիքֆորտ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին` Էվըրթընի հետ, մինչեւ 30 յունիս 2027, այս մասին յայտնեց լիվըրփուլեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ֆութպոլիստը 2017-ին անգլիական Սանտըրլենտէն տեղափոխուած էր Էվըրթըն: Ան Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի շապիկը կրած է 50 անգամ:  

Լեւանտովսքի Բացակայ` Ռէալ Մատրիտի Դէմ  Տեղի Ունենալիք Այսօրուան Մրցումէն

Լեւանտովսքի Բացակայ` Ռէալ Մատրիտի Դէմ Տեղի Ունենալիք Այսօրուան Մրցումէն

Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնայի մաս կազմող լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի նախորդ շաբաթավերջին Ալմերիայի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումին վիրաւորուեցաւ: Քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ ձախ ազդրի վնասուածքի պատճառով ան երկու շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Ասիկա կը նշանակէ, որ ան պիտի բացակայի նաեւ այսօր ախոյեան Ռէալ Մատրիտի դէմ կատարուելիք Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի...

Թիակօ Սիլվա` 6 Շաբաթով Բացակայ

Թիակօ Սիլվա` 6 Շաբաթով Բացակայ

Անգլիական Չելսիին մաս կազմող պրազիլցի յետսապահ Թիակօ Սիլվա իր ստացած վնասուածքին պատճառով վեց շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց լոնտոնեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 35 տարեկան ֆութպոլիստը ծունկի վնասուածք ստացաւ Թոթենհամի դէմ կատարուած Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումին, որուն ընթացքին Չելսի պարտուեցաւ 2-0 արդիւնքով: Ան պիտի բացակայի Պորուսիա Տորթմունտի դէմ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումէն,...

Page 316 of 1280 1 … 315 316 317 … 1,280

Արխիւներ