Տղոց Թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ, այս ամիս տեղի ունենալիք Ինտիըն Ուելզի եւ Մայեմիի թենիսի Մասթըրզի միջազգային մրցաշարքերուն իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել` նկատի ունենալով որ անոր Միացեալ Նահանգներ մուտքի այցեգիր (վիզա) չտրուեցաւ երկրին կառավարութեան կողմէ:
Ան խնդրած էր իրեն համար բացառութիւն ընել եւ թոյլատրել «Քորոնա» ժահրին դէմ չպատուաստուած ժամանել Միացեալ Նահանգներ, սակայն անոր այդ խնդրանքը մերժուեցաւ` նկատի ունենալով, որ երկրին կառավարութիւնը այդ օրէնքը պիտի վերցնէ 11 մայիսին:


