Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող փոխախոյեանը` Լիվըրփուլ, որ հիւրընկալեց Մանչեսթըր Եունայթըտը, իր 53 հազար հանդիսատեսներուն ներկայութեան 7-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց անոր դէմ:
«Էնֆիլտ»-ի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին տուպլէ իրագործեցին նետերլանտցի Քոտի Կաքփօ (43-րդ եւ 50-րդ), ուրուկուէյցի Տարուին Նունեզ (47-րդ եւ 75-րդ) եւ եգիպտացի Մոհամետ Սալահ (66-րդ եւ 83-րդ), մինչ մէկ կոլ նշանակեց պրազիլցի Ռոպերթօ Ֆիրմինօ (88-րդ):
Նշենք, որ տուպլէ մը իրագործելէ բացի, Սալահ կատարեց նաեւ երկու էսիսթ:
Այսպիսով, Սալահ նշանակելով իր 128-րդ եւ 129-րդ կոլերը, դարձաւ ակումբի պատմութեան լաւագոյն ռմբաձիգը` շրջանցելով Ռոպի Ֆաուլըրը:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արսենալ բաւական դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Պուրնըմաութի դէմ, 3-2 արդիւնքով:
Լոնտոնեան կազմին յաղթանակի կոլը նշանակեց Ռէյս Նելսոն… 90+7-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ մինչեւ 62-րդ վայրկեանը հիւր կազմը կը յաղթէր 2-0 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Արսենալ իր ունեցած հինգ կէտի առաւելութիւնը պահեց երկրին գործող ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի նկատմամբ, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Նիւքասըլ Եունայթըտին:
Այս հանգրուանէն ետք, Արսենալ այժմ ունի 63 կէտ, Մանչեսթըր Սիթի` 58 կէտ, Մանչեսթըր Եունայթըտ` 49 կէտ, մինչ Լիվըրփուլ 42 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը:


