Շուրջ 20 օրուան դադարէ մը ետք, այսօր` շաբաթ, 4 մարտին, կը վերսկսին Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի մրցումները, երբ կը կատարուի 17-րդ հանգրուանի բացման մրցումը:
Նշենք, որ մրցումները դադար առած էին` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը մրցումներ ունէր կատարելիք` աշխարհի բաժակի զտումի մրցաշարքին գծով:
Այսօրուան մրցումին, ժամը 17:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Պէյրութ-Շանվիլ մրցումը:
Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, այս տարեշրջանին ՀՄԸՄ-ի կազմին արձանագրած արդիւնքները այդքան ալ նախանձելի չեղան, եւ կազմը այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 11-րդ եւ նախավերջին դիրքը, արձանագրելէ ետք 3 յաղթանակ եւ կրելով 13 պարտութիւն:
Այդ դադարէն օգտուելով, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի յանձնախումբը կազմին մէջ կատարեց որոշ փոփոխութիւններ:
Նախ եւ առաջ լիբանանցի փորձառու մարզիչ Մարուան Խալիլ նշանակուեցաւ խումբի մարզիչ` փոխարինելով սերպ Մարքօ Ֆիլիփովիչը:
Փոփոխութեան ենթարկուեցան նաեւ խումբին երկու օտարականները, Մարք Լայընզ եւ Տաժուան Սամըրզ միացան ՀՄԸՄ-ի:
Կ՛ակնկալուի, որ այս փոփոխութիւնները իրենց դրական արդիւնքը տան խումբին արձանագրելիք արդիւնքներուն գծով:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի Ֆանարի եւ Ռաուտայի ակումբներէն պիտի ուղղուին Մըզհեր:
Այսօր բոլորիս ժամադրավայրը պիտի ըլլայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը` քաջալերելու համար ՀՄԸՄ-ի կազմը: