Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի («Քոփա տել Ռէյ») կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ Ռէալ Մատրիտին, արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը:
26-րդ վայրկեանին, Ռէալի պրազիլցի յետսապահ Էտեր Միլիթաօ սխալմամբ իր բերդին մէջ կոլ մը նշանակեց, ինչ որ քիչ մը սուղ արժեց անոր կազմին:
Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Թիպօ Քուրթուայի բերդին ուղղութեամբ հարուածողը հանդիսացաւ փղոսկրեայ ափունքցի միջնապահ Ֆրանք Քիսիէ:
Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած կազմը թէեւ գնդակին 64 տոկոսը իր հսկողութեան տակ ունեցաւ, սակայն ոչ մէկ անգամ հարուածեց քաթալոնական բերդին ուղղութեամբ:
Այսպիսով, մարզիչ Չաւի Հերնանտեզի կազմը 1-0 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ` արքայական ակումբին դէմ:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 5 ապրիլին, «Նու Քամփ»-ի մէջ: