Գերմանական «Պիլտ» մարզաթերթը կը յայտնէ, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ դժգոհ է գերմանացի յառաջապահներ Սերժ Կնապրիի ու Լըրոյ Սանէի ելոյթներէն եւ պատրաստ է յառաջիկայ ամրան ծախելու զանոնք:
Նախորդ ամրան ընթացքին Պայէրն երկարաձգած էր 27 տարեկան Կնապրիի պայմանագրութիւնը` աշխատավարձի բարձրացումով:
Նշենք, որ նախքան 2022-ի Մոնտիալին մեկնարկը տրուիլը, Կնապրի նշանակած էր 10 կոլ եւ կատարած 11 էսիսթ, մինչ Սանէ (դարձեալ 27 տարեկան)` 10 կոլ եւ 6 էսիսթ:


