Սերպիոյ Վըրնեաչքա Պանեա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան, Հայաստանի ութ ներկայացուցիչներէն երեքը, 2-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, յառաջատարներուն կարգին են:
Գաբրիէլ Սարգսեան, Շանթ Սարգսեան եւ Մամիկոն Ղարիբեան, որոնք արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաղթանակը, երկուքական կէտով յառաջատարներու շարքին են:
2-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն իրենց առաջին յաղթանակը արձանագրեցին Հայաստանի գործող ախոյեան Սամուէլ Տէր Սահակեան, Ռոպերթ Փիլիպոսեան եւ Վահէ Դանիէլեան:
Նշենք, որ ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի 14 մարտին:


