Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցող աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Դաւթեան ապահովեց աւարտական հանգրուանի իր տոմսը:
Աշխարհի ախոյեան, Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, եւրոպական խաղերու յաղթող, Եւրոպայի ախոյեան, կրկնակի փոխախոյեան եւ պրոնզէ մետալակիր 30 տարեկան Դաւթեան, յենացատկի մրցումներուն ապահովելով 14.766 կէտ եւ գրաւելով երկրորդ դիրքը, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Նշենք, որ գերմանական Քոթպուս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աշխարհի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Դաւթեան հանդիսացած էր աշխարհի բաժակակիր: