Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 7-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Արսենալ իր դաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Էվըրթընի դէմ, սահմանեց տպաւորիչ մրցանիշ մը:
Այսպիսով, լոնտոնեան ակումբը «Փրեմիեր-Լիկ»-ի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ առաջին ակումբը, որ մէկ մրցակիցի դէմ 100 յաղթանակ կ’արձանագրէ:
Անոնք երկուքը նախապէս իրարու դէմ յանդիման եկած են 204 անգամ. Արսենալ յաղթած է 100 անգամ, Էվըրթըն? 61 անգամ, մինչ 43 մրցում աւարտած է հաւասարութեամբ:
Նշենք, որ ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Արսենալ, որ 60 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը, 5 կէտով կը գերազանցէ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթին: