Քաթալոնական Պարսելոնայի ֆութպոլի խումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը պայմանագրութիւն մը կնքեց պրազիլցի անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Ռոնալտինիոյի որդիին հետ:
18 տարեկան յառաջապահ Ժոաօ Մենտեզ հանդէս պիտի գայ Պարսելոնայի երիտասարդական խումբին հետ:
Նշենք, որ ան նախորդ յունուարին իր պայմանագրութիւնը խզած էր պրազիլական Քրուզէյրոյի հետ եւ փորձեր կը կատարէր Պարսելոնայի հետ:
Ֆութպոլիստին Պարսելոնա փոխանցման գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ չյայտարարուեցան: