Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստան-Պոսնիա 2024-ի աշխարհի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի 4-րդ եւ վերջին հանգրուանի ծիրին մէջ տեղի ունեցած մրցումը (Եւրոպայի գօտի) վերջ գտաւ հայրենի կազմին յաղթանակով` 3-2 արդիւնքով:
Գ. խմբակին մէջ, Ռուբէն Նազարէթեանի գլխաւորած կազմին կոլերը նշանակեցին Վլատիմիր Սանոյեան (8-րդ եւ 16-րդ) եւ Արթուր Մելքոնեան (26-րդ):
Երկու կազմերուն միջեւ կատարուած առաջին մրցումը եւս աւարտած էր հայրենի կազմին յաղթանակով` 4-3 արդիւնքով, որուն շնորհիւ Հայաստան ապահոված էր փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը:


