Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տինամօ-Լիտըրզ Մրցումով Աւարտեցաւ 17-րդ Հանգրուանը
Այսօր` Անդրանիկ Պէյրութ-Պէյրութ Եւ Մարիսթ-Հուփս Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 17-րդ հանգրուանի մրցումները հասան իրենց աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ Տինամօ-Լիտըրզ մրցումը` «Ռոքլենտ Արենա» մարզադաշտին վրայ (օդակայանի ճամբուն վրայ): Հիւրընկալ կազմը արձանագրեց 90-71 արդիւնքով յաղթանակ մը (25-23, 27-18, 24-20 եւ 14-10): Հիւր կազմէն Քրիսթոֆ Խալիլ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (20 կէտ եւ 11 ռիպաունտ), մինչ 17-ական կէտ նշանակեցին Զեք...




















