Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 22 կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքերու տիտղոսներու տիրացած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ մարտ ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք Ինտիըն Ուելզի եւ Մայեմիի մրցաշարքերուն, դուրս պիտի մնայ միջազգային դասաւորման առաջին տասնեակէն:
Այսպիսով, 36 տարեկան Նատալ 25 ապրիլ 2005-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով դուրս պիտի մնայ առաջին 10-էն:
Ան 914 շաբաթ շարունակ առաջին 10-ին մէջ մնալով եւ անկէ չբացակայելով տասը տարի աշխարհի մրցանիշ մը հաստատած էր: Այժմ ան 8-րդ է:
Նշենք, որ ան այժմ ապաքինման մէջ է, Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին ընթացքին իր ստացած վնասուածքին պատճառով:


