Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնայի մաս կազմող սպանացի 34 տարեկան յետսապահ Սերճիօ Պուսքեթց յառաջիկայ ամրան ընթացքին պիտի հեռանայ քաթալոնական կազմէն, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ Պուսքեթց իր այս որոշումին գծով տեղեակ պահած է Պարսելոնայի նախագահ Ժոաօ Լափորթան:
Պարսայի հետ ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ֆութպոլիստով հետաքրքրուած է ամերիկեան Ինթեր Մայեմին:
Պուսքեթց, որ Պարսելոնային մաս կը կազմէ 2008-էն ի վեր, 711 մրցումի ընթացքին նշանակած է 18 կոլ եւ կատարած 42 էսիսթ: