Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց 23-րդ անհատական ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի ճակատումներուն, Հայաստանի հաւաքականի յառաջատարներ Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան իրենց մրցումները աւարտեցին հաւասարութեամբ:
Ապահովելով 4-ական կէտ, անոնք երկուքը այժմ կէսական կէտով ետ կը մնան յառաջատարներէն:
Այս հանգրուանին Հայաստանի ներկայացուցիչներէն յաղթանակ արձանագրեցին Մարիամ Մկրտչեան (3,5 կէտ) եւ Փոլինա Քոպաք (3 կէտ):
Աննա Սարգսեան, որ հաւասարութիւն մը արձանագրեց, ունեցաւ 3 կէտ, մինչ Սուսաննա Գաբոյեան, որ պարտութիւն մը կրեց, այժմ ունի 2 կէտ: