Նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքոյի դաշտին վրայ (Տըպպայէ) իր աւարտին հասաւ «Եիւնիոն-Լիկ»-ի ֆութպոլի տարիքային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան տարբեր դասակարգերու աւարտական հանգրուանի մրցումները:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի 2011 դասակարգի տղոց խումբը հանդիսացաւ ախոյեան, երբ աւարտական հանգրուանի մրցումին 4-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց «ԷՄ. ՎԻ. ՓԻ.» խումբին դէմ:
Իսկ 2013 դասակարգի տղոց խումբը հանդիսացաւ փոխախոյեան, աւարտականին 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք «ՊԻ. ԻՆ.-Սփոր» խումբէն:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի տարիքային խումբերուն մարզիչն է Յակոբ Կիւլիւմեան:


