
Ինչպէս ծանօթ է, վաղը` շաբաթ, 25 մարտին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Հայաստան-Թուրքիա մրցումը (Դ. խմբակ), որ կ՛իյնայ «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Սպանիայէն:
Կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ 39 տարեկան Խոսէ Մարիա Սանչես, կողմի իրաւարարները` Ռաուլ Քապաներօ եւ Ինիկօ Փրիեթօ, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Մարիօ Մելերօ Լոփես: