Ռէալ Մատրիտի նախկին յառաջապահ Էմանուէլ Ատեպայոր պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ նշեց, որ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Թոկոյի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահը ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է նաեւ Մեսի, Մոնաքոյի, Արսենալի, Մանչեսթըր Սիթիի, Թոթենհամի եւ Քրիսթալ Փալասի:
39 տարեկան ֆութպոլիստին վերջին ակումբն էր Թոկոյի Սեմասին:
Նշենք, որ ան 2008-ին ճանչցուեցաւ Ափրիկէի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: