Էրլինկ Հաալանտ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով պիտի բացակայի Նորվեկիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան երկու մրցումներէն:
Մանչեսթըր Սիթիի ֆութպոլիստը վիրաւորուեցաւ Պարնլիի դէմ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուած մրցումին, որուն ընթացքին անոր կազմը արձանագրեց 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այսպիսով, Հաալանտ պիտի բացակայի Սպանիոյ (25 մարտ) եւ Վրաստանի (28 մարտ) դէմ տեղի ունենալիք զտումի մրցումներէն:


