Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մարզիկները իրենց մասնակցութիւնը պիտի չբերեն 15-23 ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան:
Ախոյեանութեան մասնակիցներուն նախնական ցանկին մէջ ընդգրկուած էին Ռուսիոյ 38 եւ Պիելոռուսիոյ 27 երկսեռ ծանրաբարձներ:
Ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառով, Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը, մարտ 2022-ին, անորոշ ժամանակով Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ ծանրաբարձները զրկեց միջազգային մրցումներուն մասնակցելէ:
Նշենք, որ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը վարկանշային է ողիմպիական խաղերուն համար: