Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին, Ռէալ Մատրիտի եւ լոնտոնեան Արսենալի նախկին ֆութպոլիստ, թուրք միջնապահ Մեսուտ Էօզիլ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Ան ըսաւ, որ 17 տարի ֆութպոլի դաշտերուն վրայ մրցումներու մասնակցելէ ետք, կու գայ աւարտելու իր ասպարէզը` վերջին ամիսներուն իր ստացած վնասուածքին եւ իր ունեցած դժուարութիւններուն պատճառով:
34 տարեկան ֆութպոլիստը, որ Գերմանիոյ հետ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, տիրացաւ նաեւ շուրջ տասը տիտղոսներու` իր մաս կազմած ակումբներուն հետ: