Հինգշաբթի, 23 մարտ 2023-ին, մեկնարկը տրուեցաւ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «ԵՒՐՕ-2024»-ին, երբ կատարուեցան զտումի Ա. հանգրուանի ութ մրցումներ:
Անգլիա, որ հիւրը եղաւ Իտալիոյ, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
13-րդ վայրկեանին Տեքլան Ռայս նշանակեց Անգլիոյ առաջին կոլը, իսկ Հերի Քէյն` երկրորդը (44րդ` փենալթիով):
Հիւրընկալ կազմին` Իտալիոյ կոլը նշանակեց Մաթէօ Ռեթեկուի (56-րդ):
Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Փորթուգալ եւ Դանիա, յաջորդաբար` Լիխթնշթայնի (4-0) եւ Ֆինլանտայի (3-1) դէմ:
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց Փորթուգալի կոլերէն երկուքը (51-րդ` փենալթիով եւ 63-րդ):
Դ. խմբակին մաս կազմող Հայաստան այսօր` շաբաթ, 25 մարտին կը կատարէ զտումի իր առաջին մրցումը` ճակատելով Թուրքիոյ դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ:
Ինչպէս ծանօթ է, «ԵՈՒ. Է. Ֆ. Ա.»-ի որոշումով մրցումին ներկայ պիտի չըլլան հիւր կազմին համակիրները:
Մրցաշարքը յաղթանակով սկսիլը, մանաւանդ` Թուրքիոյ դէմ, Հայաստանի հաւաքականին համար պիտի ըլլայ շատ նշանակալից, յաջորդ մրցումներուն գծով աւելի ինքնավստահութեամբ իր ելոյթները շարունակելու համար:
Յաջողութիւն կը մաղթենք հայրենի կազմին` այսօրուան այս բացման մրցումին համար: